Լիբանանեան բանակը կարեւոր գործողութիւն մը կատարած է երէկ գիշեր: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ VDL կայանը: Աղբիւրը կը փոխանցէ, որ բանակը յատուկ գործողութիւն մը կատարելով յաջողած է ձերբակալել 10 ահաբեկիչ զինեալներ, որոնք վերջերս այդ շրջանը թափանցած էին: Աւելի ուշ «Էլ Նաշրա» կայքը այս տեղեկութիւններէն բացի փոխանցեց, որ ձերբակալուածներուն մէջ է կարեւոր համարուած ահաբեկիչ մը, որուն անունը ապահովական նկատառումներով չի հրապարկուիր: Կը նշուի, որ բանակի յատուկ գործողութիւնը տեղի ունեցած է Արսէլ աւանի «Ուատի ալ հոսն» շրջանին մէջ:
Սուրիոյ սահմանակից Արսէլ աւանի լեռնային շրջանները կը համարուին Տահէշ խմբաւորման կեդրոնատեղի ու առաջին անգամը չէ, որ լիբանանաեան բանակը գործողութիւններ կը կատարէր անոնց դէմ: