Արագ տրուած լուրով մը «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան տեղեկահաւաք անօդաչու սարք (ԱԹՍ) մը ինկած է լիբանանեան տարածքներէն ներս։
Տեղեկութիւնը նաեւ հաստատեց իսրայէլեան բանակի բանբեր ՝ Աֆէխայ Ատրոհի։
Ատրոհի նաեւ նշեց, որ ինկած «տրոն»ին վերաբերեալ մտավախութիւններ չունին եւ տեղեկութեան արտահոսքի վերաբերեալ վախեր չկան։