Յոյն Ուղղափառներու Անտիոքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Պատրիարքը երէկ Հալէպի մէջ տօնախմբած է Արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան տօնը: Այս մասին գրած է Pravmir կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Պատրիարք Եազըճի այս յատուկ առիթին համար ժամանած է Հալէպ ընկերակցութեամբ կրօնական դասու ներկայացուցիչներուն:

Պատրիարք Եոհաննա Ժ. Եազըճի Սուրբ Ծննդեան իր պատգամին մէջ բարձր գնահատած է Հալէպցի ժողովուրդին ապրելու եւ դժուարութիւնները դիմակայելու կամքը եւ յոյս յայտնած, որ Հալէպ շուտով դուրս կու գայ իր տագնապէն եւ ամբողջական խաղաղութեան մէջ իր նուիրեալ քաղաքացիներուն հետ կը շարունակէ իր կեանքը: