Այսօր Լիզպոնի գործողութեան մասնակից մարտիկներէն՝ Արա Քըրճըլեանի ծննդեան օր է։
«Հայ Յեղափոխական Բանակ»ի անդամ՝Արա Քըրճըլեանը կը նահատակուէր 27 յուլիս 1983-ին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արա Քըրճըլեանի հակիրճ կենսագրականը։
Արա Քըրճըլեան ծնած է, 12 Յունիս 1963-ին, Պէյրութ: Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը, ապա՝ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճը: 1978-ին տակաւին ութերորդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք տան ապրուստը հոգալու համար, կը լքէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի ու կը սորվի ոսկերչութիւն: Ազգային իր գիտակցութեան ներշնջման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ'ըլլայ իր մայրը, որ միշտ կը պատմէ Հայ ժողովուրդի տարապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ: Արա շատ կը սիրէր փոքրերը: Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց՝ Հայութեան կրած տարապանքներուն մասին:
Անոնց մէջ եւս կ'արթնցնէր ազգային սէրը: Կը սիրէր լողալ եւ չմշկել: Կը սիրէր նաեւ երաժշտութիւնը: Յաճախ տունէն կը բացակայէր եւ մասնաւոր բացատրութիւն չէր տար այդ մասին: Վերջին օրերուն ան մօրը կ'ըսէ, թէ պտոյտի համար կ'ուզէ Յունաստան մեկնիլ, սակայն մայրը կ'ընդդիմանայ: Քանի մը օր ետք Արան կ'ըսէ թէ ընկերներով բանակումի պիտի երթան գիւղերը, եւ այդ պատրուակով ալ կը մեկնի տունէն, 22 Յուլիս 1983-ին, մասնակցելու համար Լիզպոնի գործողութեան: Արա Քըրճըլեան կը նահատակուի 27 Յուլիս 1983-ին, Լիզպոնի գործողութեան ընթացքին: