image

Flydubai-ի երկրորդ օդաչուն ծրագրած էր ահաբեկչական յարձակում․ ԱՄԷ գլխաւոր դատախազ

Flydubai-ի երկրորդ օդաչուն ծրագրած էր ահաբեկչական յարձակում․ ԱՄԷ գլխաւոր դատախազ

 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գլխաւոր դատախազութիւնը, Տուպայէն Թել Աւիւ թռիչքի ընթացքին արտակարգ վայրէջք կատարած Flydubai-ի օդանաւի միջադէպին քննութեան շրջածիրէն ներս, եզրակացուցած է, որ երկրորդ օդաչուն կացինով յարձակած է օդանաւի հրամանատարին վրայ։ ԱՄԷ-ի գլխաւոր դատախազ Համատ Սայէֆ Ալ Շամսի յայտարարած է, որ յարձակողը կը փորձէր ահաբեկչական յարձակում իրականացնել։

Այս մասին Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3-ին հաղորդած է WAM պետական լրատուական գործակալութիւնը։

Գլխաւոր դատախազին համաձայն՝ օդաչուական խցիկին մէջ հրամանատարին վրայ յարձակելով՝ երկրորդ օդաչուն փորձած է իր ձեռքը առնել օդանաւին ղեկավարումը։ Քննութիւնը կը շարունակուի, եւ պիտի պարզուին միջադէպին հանգամանքները, յարձակողին դրդապատճառները եւ անոր հնարաւոր կապերը։

 

Երկրորդ օդաչուին նախկինին արգիլուած էր թռիչքներ կատարել Oman Air-ի մէջ. ԶԼՄ-ներ

Ամերիկեան ABC News հեռուստակայանը, վկայակոչելով հետախուզական եւ իրաւապահ մարմիններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, գրած է, որ Սեպտեմբեր 30-ին Տուպայէն Թել Աւիւ թռչող FZ1073 չուերթի երկրորդ օդաչուն նախապէս հեռացուած էր Oman Air-էն՝ անվտանգութեան նկատառումներով։ ABC News կը հաղորդէ, որ 2024 թուականին, ընկերութեան մէջ որպէս երկրորդ օդաչու աշխատանքային փորձաշրջանի ընթացքին, անոր մօտ յայտնաբերուած էին ծայրայեղական նիւթեր։

Հեռուստակայանը նաեւ հրապարակած է կասկածեալի անունը։ Քննութեան ծանօթ աղբիւրներու համաձայն՝ ան 29-ամեայ Օմանի քաղաքացի Համամ ալ-Համամին է, որուն թռիչքներ կատարելէ կասեցուելէն ետք արտօնուած էր շարունակել աշխատանքը Oman Air-ի մէջ՝ վարչական պաշտօնով։

Սեպտեմբեր 30-ին Տուպայէն Թել Աւիւ թռչող Flydubai-ի ուղեւորատար օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է Սէուտական Արաբիոյ Թապուք օդակայանին մէջ՝ օդանաւը առեւանգելու փորձի մասին հաղորդումէն ետք։ Միջադէպը տեղի ունեցած է օդաչուական խցիկին մէջ տեղի ունեցած կռուի պատճառով, որուն ընթացքին օդանաւը արագօրէն կորսնցուցած է բարձրութիւնը՝ 29 վայրկեանի ընթացքին 30,500 ոտքէն հասնելով 16,500 ոտքի։

Boeing 737 MAX 8 օդանաւին մէջ գտնուած է 174 մարդ, որոնց շարքին՝ 27 երեխայ։ Անոնց մեծամասնութիւնը Իսրայէլի քաղաքացիներ էին։ Որոշ ուղեւորներու համաձայն՝ անոնք նախ լսած են օդաչուական խցիկէն եկող ճիչեր, ապա խցիկին դուռը բացուած է, եւ ուղեւորները տեսած են վիրաւոր օդաչուին արեան մէջ ծածկուած հագուստը։ Ուղեւորներէն մէկը, որ բժիշկ էր, անոր առաջին բուժօգնութիւնը ցուցաբերած է։

Օդանաւի անձնակազմն ու ուղեւորները յաջողած են վնասազերծել յարձակողը։ Օդանաւը բարեյաջող վայրէջք կատարած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ։