Արցախեան պատերազմին հերոսաբար մարտնչած ու նահատակուած Գէորգ Հաճեանը այս տարի պիտի դառնար 50 տարեկան։
Նահատակին ծննդեան օրը անոր ընտանեկան պարագաներն ու մտերեմները պիտի նշեն յատուկ միջոցառումով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի ՝
«Յիշատակդ վառ
Անձուէր հայրենասէր եւ մեծ երաժիշտ
Գէորգ Հաճեան
Յունիսի 11-ին
Ժամը 16:00-ին
Արամ Խաչատրեանի տուն թանգարանի
Դահլիճում կը կայանայ յուշ երեկոյ ՝ նուիրուած Արցախեան
44 -օրեայ պատերազմում զոհուած տաղանդաշատ երգիչ՝
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ-ի ծննդեան 50-ամեակի կապակցութեամբ»։