image

Յոյն Ուղղափառներու Պատրիարքը Հալէպի մէջ տօնախմբած է Արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան տօնը

Յոյն Ուղղափառներու Պատրիարքը Հալէպի մէջ տօնախմբած է Արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան տօնը

Յոյն Ուղղափառներու Անտիոքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Պատրիարքը երէկ Հալէպի մէջ տօնախմբած է Արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան տօնը: Այս մասին  գրած է Pravmir կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ  Պատրիարք Եազըճի այս յատուկ առիթին համար ժամանած է Հալէպ ընկերակցութեամբ կրօնական դասու ներկայացուցիչներուն:


 Պատրիարք Եոհաննա Ժ. Եազըճի Սուրբ Ծննդեան իր պատգամին մէջ բարձր գնահատած է Հալէպցի ժողովուրդին ապրելու եւ դժուարութիւնները  դիմակայելու կամքը եւ  յոյս յայտնած, որ Հալէպ  շուտով դուրս կու գայ իր տագնապէն եւ ամբողջական խաղաղութեան մէջ իր նուիրեալ քաղաքացիներուն հետ կը շարունակէ իր կեանքը: