image

Յունաստան Սկսած Է Փախստականները Թուրքիա Վերադարձնել

Յունաստան Սկսած Է Փախստականները   Թուրքիա Վերադարձնել

Յունաստան- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Յունաստանի իշխանութիւնները օրեր առաջ խումբ մը փախստականներ Թուրքիա ուղարկած են,  որոնք ապօրինաբար մտած էին երկիր: Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ այս արարքը մաս կազմած է վերընդունելութեան համաձայնագրին, որ կնքուած էր Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ յունական սահմանի գիշերապահները 70 փախստականներ ուղարկած են հիւսիս-արեւմտեան  Թուրքիոյ Իփսալայի սահմանային անցք, որոնց շարքին եղած են մարոքցիներ, թունէսցիներ եւ ալժիրցիներ, ուրկէ  տեղափոխուած են Էտիրնէ նահանգի գաղթականներու տնօրինութիւն:Կը նշուի նաեւ, որ 29 նոյեմբեր  2015-ին, Եւրոմիութիւնը եւ Թուրքիան համաձանած էին գործարքի մը շուրջ, որու համաձայն 3 միլիառ եւրո պիտի ապահովուէր Անգարային, սուրիացի փախստականներուն պէտքերը  հոգալու համար: Եթէ ​​Անգարա կատարելապէս իրականացնէ նշեալ համաձայնագրի պահանջները, Եւրոմիութեան յանձնաժողովը պիտի առաջարկէ հոկտեմբեր 2016-էն սկսեալ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առանց վիզայի Եւրոպա մուտք գործելու արտօնութիւն տալը: