Յորդանանի թագաւոր՝ Ապտուլլա Բ, Աւստրալիոյ կառավարիչ Փիթըր Կոսկրոֆի հրաւէրով՝ Աւստրալիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, շեշտած է «Սուրիոյ հարցին լուծման՝ Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը», ABC հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, :
Ըստ «Անատոլ» գործակալութեան, թագաւորը Սուրիոյ հարցով նշած է, թէ «Հալէպի մէջ պատահածը մարդկային ողբերգութիւն է: Ներկայիս պէտք է սպասել, մինչեւ ամերիկեան նոր վարչակազմի հաստատումը եւ ռազմավարութեան յստակացումը, ինչպէս նաեւ ռուսերու հետ անոր յարաբերութիւնը»: Թագաւորը նաեւ շեշտած է, որ աշխարհը այսօր ահաբեկչական համաշխարհային վտանգ կը դիմագրաւէ, որ նհամաշխարհային երրորդ պատերազմ կը ներկայացնէ, եւ ոչ թէ պաղ պատերազմի շարունակութիւն: «Կ'երեւայ, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ատելութիւնը աւելի սուր է, քան ահաբեկչական ուժերուն հանդէպ եղած ատելութիւնը: Յոյսով եմ այս իրականութիւնը կը փոխուի, որովհետեւ ներկայիս առաջնահերթութիւնը այս համաշխարհային վտանգը դիմակայելն է»:
Նշենք, որ թագաւորը հաւանութիւն յայտնած է Թրամբի՝ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը ոչնչացնելու խոստումի մասին: Միւս կողմէ, ան Իրանին նկատած է, տարածաշրջանի մէջ համայնքային հակամարտութիւններ թէժացնող կողմ:
Անդարադռանալով Յորդանան ապաստանած սուրիացի գաղթկաններուն, Ապտուլլա ընդգծած է, որ «մարդկային աստիճան մը գոյութիւն ունի, որուն համաձայն պարատաւորութիւն պէտք է զգանք իրարու հանդէպ»:
Նշենք, որ Յորդանանի թագաւորը իր այցի ծիրէն ներս, մայարաքաղաք՝ Քանիպրայի եւ Սիտնիի մէջ հանդիպումներ պիտի կայացնէ ընդհանուր կառավարիչին, վարչապետ՝ Մալքոմ Թերնպոլի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ աւստրալիական խորհրդանական ղեկավարներու հետ: