image
Հրատապ լուրեր:

Առաջիկային Հայաստան-Իրան բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններ կը նախատեսուին

Առաջիկային Հայաստան-Իրան բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններ կը նախատեսուին

Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հանդիպումը։

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկկողմ բարձր մակարդակի աշխոյժ շփումները եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման եւ ընդլայնման։

Վարչապետը ընդգծած է, որ երկու երկիրները համագործակցութեան հարուստ օրակարգ ունին եւ իրանական ընկերութիւններ ներգրաւուած են Հայաստանի մէջ իրականացուող ռազմավարական ծրագիրներուն մէջ։

Կողմերը համոզում յայտնած են, որ յառաջիկային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պիտի բարձրանան նոր մակարդակի։ Կարեւորուած է նաեւ յառաջիկային նախատեսուած բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու նշանակութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքիան միտքեր փոխանակած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։