image
Հրատապ լուրեր:

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը դրուատիքով խօսեցաւ Ռուսական դերին մասին

Յորդանանի Ապտալլա Թագաւորը դրուատիքով խօսեցաւ Ռուսական դերին մասին

Յորդանանի թագաւոր՝ Ապտուլլա Բ, Աւստրալիոյ կառավարիչ Փիթըր Կոսկրոֆի հրաւէրով՝ Աւստրալիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, շեշտած է «Սուրիոյ հարցին լուծման՝ Ռուսիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը», ABC հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, :

Ըստ «Անատոլ» գործակալութեան, թագաւորը Սուրիոյ հարցով նշած է, թէ «Հալէպի մէջ պատահածը մարդկային ողբերգութիւն է: Ներկայիս պէտք է սպասել, մինչեւ ամերիկեան նոր վարչակազմի հաստատումը եւ ռազմավարութեան յստակացումը, ինչպէս նաեւ ռուսերու հետ անոր յարաբերութիւնը»: Թագաւորը նաեւ շեշտած է, որ աշխարհը այսօր ահաբեկչական համաշխարհային վտանգ կը դիմագրաւէ, որ նհամաշխարհային երրորդ պատերազմ կը ներկայացնէ, եւ ոչ թէ պաղ պատերազմի շարունակութիւն: «Կ'երեւայ, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ատելութիւնը աւելի սուր է, քան ահաբեկչական ուժերուն հանդէպ եղած ատելութիւնը: Յոյսով եմ այս իրականութիւնը կը փոխուի, որովհետեւ ներկայիս առաջնահերթութիւնը այս համաշխարհային վտանգը դիմակայելն է»:

Նշենք, որ թագաւորը հաւանութիւն յայտնած է Թրամբի՝ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը ոչնչացնելու խոստումի մասին: Միւս կողմէ, ան Իրանին նկատած է, տարածաշրջանի մէջ համայնքային հակամարտութիւններ թէժացնող կողմ:

Անդարադռանալով Յորդանան ապաստանած սուրիացի գաղթկաններուն, Ապտուլլա ընդգծած է, որ «մարդկային աստիճան մը գոյութիւն ունի, որուն համաձայն պարատաւորութիւն պէտք է զգանք իրարու հանդէպ»:

Նշենք, որ Յորդանանի թագաւորը իր այցի ծիրէն ներս, մայարաքաղաք՝ Քանիպրայի եւ Սիտնիի մէջ  հանդիպումներ պիտի կայացնէ ընդհանուր կառավարիչին, վարչապետ՝ Մալքոմ Թերնպոլի, բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ աւստրալիական խորհրդանական ղեկավարներու հետ: