Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ ըսաւ, որ սիրով պիտի ընդառաջէ հրաւէրին։ Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս գնահատեց միութեան աշխատութիւնները եւ յայտնեց, թէ միութեան անդամներ սիրողական ծառայութիւն մատուցանելով հանդերձ, իրենց արհեստագիտութիւնը վարպետօրէն կը ներմուծեն իւրաքանչիւր աշխատութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Սեպտեմբեր 2026, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) վարչութեան ատենապետ Նատին Փիլիքօղլուի գլխաւորութեամբ վարչայիններ։
Այցելուները յայտնեցին, որ եկած էին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրելու եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու այլեւս աւանդական դարձած Պալեան ճարտարապետ ընտանիքի ոգեկոչման հանդիսութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ Շաբաթ, Սկիւտարի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին շուրջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ ըսաւ, որ սիրով պիտի ընդառաջէ հրաւէրին։ Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս գնահատեց միութեան աշխատութիւնները եւ յայտնեց, թէ միութեան անդամներ սիրողական ծառայութիւն մատուցանելով հանդերձ, իրենց արհեստագիտութիւնը վարպետօրէն կը ներմուծեն իւրաքանչիւր աշխատութեան։
Պատրիարք Հայրը իր խօսքերու աւարտին յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն ու անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ