image

Յայտնի են «Աւրորա» 2019թ. մարդասիրական մրցանակի յաւակնորդները

Յայտնի են «Աւրորա» 2019թ. մարդասիրական մրցանակի յաւակնորդները

Արդէն երրորդ տարին է «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երեք հերոսներու անունները կը յայտնեն Ապրիլ 24-ին։


Ընտրող յանձնաժողովը առանձնացուցած է 2019 թուականի «Աւրորայի» երեք բացառիկ հերոսները.

Միրզա Տինայի՝ «Լիւֆթպրիւքէ Իրաք» («Օդային կամուրջ») կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ տնօրէն: Մարդասիրական կազմակերպութիւնը Իրաքէն Գերմանիա կը տեղափոխէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բարբարոսութիւններէն տուժած եզիտիները եւ կը ցուցաբերէ բժշկական օգնութիւն:

Զանա Պուքար Մուսթաֆա՝ փաստաբան, «Ֆիւչըր փրաուիս» իսլամական հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն (Future Prowess Islamic Foundation): Հիմնադրամի դպրոցը կրթութիւն կը տրամադրէ Նիճերիոյ Մայտուկուրի քաղաքի ընչազուրկ երեխաներուն եւ կը պաշտպանէ անոնց:

Հուտա ալ-Սարարի՝ փաստաբան եւ աքթիւիսթ: Հուտա ալ-Սարարին մարդու իրաւունքներու պաշտպան է, որ կ'ոգեշնչէ իր խիզախութեամբ։


Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ  «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը նշած է, որ անոնց ընտրած են իրենց դրսեւորած եզակի խիզախութեան, նուիրուածութեան եւ ազդեցութեան համար:

««Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովը 2019թ. «Աւրորայի» հերոսները ընտրած է 72 երկիրներէ առաջադրուած 719 յաւակնորդներէ, որոնցմէ 523-ը եղած են չկրկնուող թեկնածուներ։ «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրի անունը կը յայտարարուի Հոկտեմբերի 20-ին՝ Հայաստանի մէջ: 1 միլիոն ԱՄՆ տոլարի մրցանակով դափնեկիրը կը ստանայ հնարաւորութիւն՝ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան եւ աջակցելու իր գործը ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն»,- յայտնած է Վարդանեանը:

Ինչ կը վերաբերի նախորդ տարիներու մրցանակակիրներու կատարած աշխատանքներուն՝ ան նշած է, որ 15 երկրի մէջ 23 ծրագիր կ'իրականացուի. «Ծրագրի մեծ մասը կրթութեան եւ առողջապահութեան հետ կապուած են: Թիւերով՝ 850 հազար մարդու աջակցութիւն ցուցաբերուած է»։

Ռուբէն Վարդանեանի խօսքով՝ «Աւրորա»-ի յաջողութեան բանաձեւն է՝ աշխարհին աջակցութիւն ցոյց տալ, ոչ թէ պահանջել։

Հանդիպման ներկայ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյանն ալ աւելցուցած է, որ օգնութիւնը միայն գումարայինով չի սահմանափակուիր. «Մեր ազգը, որ շատ դժուարութիւններու մէջէ անցած է, հիմա կը փորձէ միւսներուն յոյս տալ, օրինակ ներկայացնել, թէ ինչպէս կարելի է վերապրիլ ու վերականգնուիլ։ «Աւրորա»-ի միջոցով կ'իմանան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի անցած ուղիի մասին։ Մենք չենք կրնար որոշակի յաջողութեան հասնիլ եւ աշխարհին չօգնել։ Մենք մեր գործը կը նուիրենք աշխարհին եւ ոչ միայն հայերուն։ Միայն հայերը չէին, որ հայերուն օգնեցին, այլ նաեւ ուրիշները»։

 

Լրագրողները Ռուբէն Վարդանեանէն հետաքրքրուած են փողերու լուացման գործի մասին եւ թէ ինչպիսի՞ն կ'ըլլար անոր ազդեցութիւնը «Աւրորա»-ի վրայ, ինչին ի պատասխան ան ըսած է. «Իմ հայրը մէկ բան միշտ կ'ըսէր, եթէ ինչ-որ լաւ բան ընես, պատրաստ եղիր վատ բան մը ստանալու։ Իմ ծնողները ինծի սորվեցուցած են գործ ընել եւ գործով ցոյց տալ ինչի համար կ'ապրինք։ Ես ամէն ինչ կ'ընեմ պարզ եւ բաց։ Ինչ կը վերաբերի «Աւրորա»-ին՝ մենք 137 բարի կամքի դեսպան ունինք եւ ոչ մէկը այս ընթացքին չէ հրաժարած եւ դուրս չէ եկած»։