Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն պիտի կայացուի մարտի վերջը կամ մինչեւ 5 ապրիլը: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը:
SHANTNEWS-ի թղթակիցի հարցին՝ կա՞յ արդեօք վստահութիւն, որ նախագահը կը ստորագրէ փաստաթուղթը, Մակունցը պատասխանած է․
«Այո՛, կայ այդ վստահութիւնը»:
Լիլիթ Մակունցը պատասխանած է նաեւ լրագրողներու այլ հարցերուն: