image

Յանցագործութեան մասին հաղորդում՝ Օննիկ Գասպարեանէն

Յանցագործութեան մասին  հաղորդում՝ Օննիկ Գասպարեանէն

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը ստացած է ՀՀ ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Օնիկ Գասպարեանի դիմումը: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը՝ անդրադառնալով այն լուրին, որ Գասպարեանը դատախազութիւն պէտք է ներկայացնէր յանցագործութեան մասին հաղորդում:

25 Փետրուարին ԶՈՒ ԳՇ-ն յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր, ուր բարձրաստիճան սպայակազմը պահանջեց վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը։ Վարչապետը այդ որակեց ռազմական յեղաշրջման փորձ։ Ան նոյն օրը միջնորդեց ՀՀ նախագահին Օնիկ Գասպարեանը ԳՇ պետի պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը չստորագրեց Օնիկ Գասպարեանը ԳՇ պետի պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ վարչապետի առաջարկութիւնը եւ առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով՝ դիմեց Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. 15 նոյեմբերի օրէնքի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:

10 Մարտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանն իրաւունքի ուժով կը համարուի ազատուած զբաղցուցած պաշտօնէն: Նոյն օրը Նիկոլ Փաշինեանը  ՀՀ նախագահին ներկայացուց առաջարկութիւն՝ Արտակ Դաւթեանը ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ նշանակելու վերաբերեալ։ Նախագահը չստորագրեց Արտակ Դաւթեանը ԶՈՒ ԳՇ պետի պաշտօնին նշանակելու վարչապետի կողմէ ներկայացուած նախագիծը եւ չէր դիմած Սահմանադրական դատարան։ Նախագահը 11 մարտին առարկութիւններ ներկայացուց նշանակման նախագիծի վերաբերեալ, սակայն այդ առարկութիւնները վարչապետի կողմէ չընդունուեցան, եւ հիմնաւորումներով ետ ուղարկուեցան նախագահին. Արտակ Դաւթեանը մի քանի օր անց իրաւունքի ուժով ստանձնեց ԳՇ պետի պաշտօնը։

Օնիկ Գասպարեանը դիմեց  ՀՀ վարչական դատարան, որ 17 մարտին բաւարարեց պաշտպանական կողմի միջնորդութիւնը հայցի ապահովման միջոց կիրառելու մասին։ Սակայն, վարչապետի աշխատակազմը պարզաբանում տարածեց, որ Օնիկ Գասպարեանն ազատուած է ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի պաշտօնէն։ Որմէ ետք Օնիկ Գասպարեանի փաստաբան Արթուր Յովհաննիսեանը 22 մարտին յայտարարեց Դատախազութիւն հաղորդում ներկայացնելու մասին: