ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը ստացած է ՀՀ ԶՈւ Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Օնիկ Գասպարեանի դիմումը: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը՝ անդրադառնալով այն լուրին, որ Գասպարեանը դատախազութիւն պէտք է ներկայացնէր յանցագործութեան մասին հաղորդում:
25 Փետրուարին ԶՈՒ ԳՇ-ն յայտարարութեամբ հանդէս եկած էր, ուր բարձրաստիճան սպայակազմը պահանջեց վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը։ Վարչապետը այդ որակեց ռազմական յեղաշրջման փորձ։ Ան նոյն օրը միջնորդեց ՀՀ նախագահին Օնիկ Գասպարեանը ԳՇ պետի պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը չստորագրեց Օնիկ Գասպարեանը ԳՇ պետի պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ վարչապետի առաջարկութիւնը եւ առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով՝ դիմեց Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. 15 նոյեմբերի օրէնքի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:
Օնիկ Գասպարեանը դիմեց ՀՀ վարչական դատարան, որ 17 մարտին բաւարարեց պաշտպանական կողմի միջնորդութիւնը հայցի ապահովման միջոց կիրառելու մասին։ Սակայն, վարչապետի աշխատակազմը պարզաբանում տարածեց, որ Օնիկ Գասպարեանն ազատուած է ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի պաշտօնէն։ Որմէ ետք Օնիկ Գասպարեանի փաստաբան Արթուր Յովհաննիսեանը 22 մարտին յայտարարեց Դատախազութիւն հաղորդում ներկայացնելու մասին: