Լիբանանցի սիւննիներու «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Պէյրութի «Ազդակ»ը: Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ քննարկուած են երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ընտրական վերջին իրադարձութիւնները: