Այսօր առաւօտեան ժամը 07.37-ին, Երեւանի Հալապեան եւ Մարգարեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ վթար տեղի ունեցած է. «Mercedes» մակնիշի ինքնաշարժի վարորդը վրաերթի ենթարկած է քաղաքացին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արտահերթ Իրավիճակներու Նախարարութեան կայքը, նշելով, որ դէպքի վայր մեկնած է մէկ մարտական հաշուարկ:
Tert.am-ի հաղորդմամբ, Հալապեան փողոցի թիւ 65 շէնքի մօտակայքը Ա. Գ.-ն «Mercedes» մակնիշի 557 OZ 61 թիւը կրող ինքնաշարժը վրաերթի ենթարկած է՝ ցարդ անյայտ տղամարդը: Քաղաքացին տեղափոխուած է «Արմէնիա» ՀԲԿ, ուր բժիշկները տուժածի առողջական վիճակը գնահատած են ծայրայեղ ծանր: