image

Վտանգաւոր զարգացում Լիբանանի մէջ. Հրկիզած են «Ազգային ազատ հոսանք»ի Աքքարի կեդրոնը (Տեսանիւթ)

Վտանգաւոր   զարգացում Լիբանանի  մէջ. Հրկիզած են «Ազգային   ազատ հոսանք»ի  Աքքարի  կեդրոնը (Տեսանիւթ)

Լիբանանի  մէջ  ապահովական խլրտումները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին եւ    գրեթէ ամէն  գիշեր  բախումներ կը գրանցուին   մէկ կողմէ ցուցարար երիտասարդներու եւ  ապահովական  մարմիններու  ու շատ  յաճախ ալ քաղաքական  գործիչներու  ու անոնց  ընկերակիցներուն միջեւ։

 

  Խօսելով վերջին  զարգացումներուն  մասին  կը նշուի, որ  երէկ     արտակարգ  դէպք մը գրանցուած է     Լիբանանի  Աքքար      նահանգին  մէջ, ուր     խռովարարներ    լարուած  վիճակով մօտեցած են  «Ազգային ազատ հոսանք»ի   կեդրոնին   եւ   լուտանքներ  տեղացուցած կուսակցութիւն հասցէին,  ու ապա    կրակի տուած են կեդրոնը։

 

 Լիբանանեան  աղբիւրներ կը  հաղորդեն,  որ    երկրին  մէջ տիրող     լարուած մթնոլորտին  մէջ  նման  զարգացում մը   կրնայ  ծանր հետեւանքներ ունենալ  առանց անոր ալ    քաղաքականօրէն  անորոշ  դրութեան վրայ։