image

Լիբանանի ԿԴ-ի կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ պիտի դատո՞ւի

Լիբանանի ԿԴ-ի կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ պիտի դատո՞ւի

 

 Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէ կրնայ դատուիլ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ֆրանսայի դատական մարմիններ հետախուզական աշխատանքներ կատարած են եւ յատուկ թղթածրար պատրաստած Սալամէի յատկապէս Ֆրանսայի մէջ ունեցած դրամական մեծ աւանդներուն մասին։

 

 Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր եւ կը նշուի նաեւ, որ ,ի կողմէ հրապարակուած լուրէն ետք Սալամէի շահերը պաշտպանող փաստաբանը հանդէս եկած է կարճ հաղորդագրութեամբ նշելով, որ շրջանառուող նիւթերը եւ մեղադրանքները զուրկ են իրաւական հիմքերէ։

 

 

 Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մասնաւորապէս քաղաքացիական հասարակութեան    շրջանակներուն համար Սալամէ կը համարուի Լիբանանեան դրամանիշի անկման  գլխաւոր պատասխանատուներէն մին։