image

Ո՞վ պիտի նշանակուի Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ

Ո՞վ պիտի  նշանակուի Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիպրոսի թեմէն ներս կարեւոր խմորումներ կը կատարուին՝ կապուած  թեմին համար նոր  կաթողիկոսական փոխանորդ մը նշանակելուն վերաբերեալ: «Արեւելք»ի աղբիւրներուն համաձայն, թեմի   հոգեւոր առաջնորդութիւնը ստանձնելու   համար առկայ են   երեք թեկնածու հոգեւորականներու անուններ, որոնց  մասին  թեմի պատասխանատու մարմինները ունին   տարբեր  կարծիքներ:  Նշենք, որ   անցնող երկու տարիներուն  թեմը  ձեռնհաս կերպով  առաջնորդելէ  ետք, Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան  25 օգոստոսին  զուտ անձնական պատճառներով հրաժարական   տուած եւ վերադարձած էր Անթիլիաս:   Նման կարեւոր պաշտօնի ստանձման   համար    ընթացող   քննարկումներու վերջին խօսքը անշուշտ կը պատկանի    Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան   գահակալ  հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ու այս առումով կը հաղորդուի նաեւ, որ   Վեհափառ  հայրապետը մինչեւ այս  ժամը ցարդ չէ վճռած նոր  առաջնորդին անունը: Կը  սպասուի նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթ այս  օրակարգին առընթեր կարեւոր  քննարկումներ  կատարուին եւ «սպիտակ ծուխ»  բարձրանայ Անթիլիասէն:  «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններուն համաձայն Անթիլիաս ջատագով է   Տ.  Թորգոմ  Ծ. Վ.  Տոնոյեանը նշանակել այդ պաշտօնին համար, տրուած ըլլալով նաեւ, որ մինչեւ  վերջերս Զարեհեան  դպրեվանքի տեսուչի բարձր եւ  պատասխանատու    պաշտօնը վարող  Հայր Սուրբը ազատ կացուցուած էր իր պարտականութիւններէն: