Օրերս, մահացած է Պաղեստինեան դիմադրութեան առաջնորդներէն՝ Ահմատ Ժպրիլը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց արաբական մամուլէն։
Նշենք, որ Պաղեստինեան դատի պայքարի ակունքներուն եղած Ահմատ Ժպրիլ եղած է Պաղեստինի «Ժողովրդային ճակատ»ի (Ճապհա Շահպիյա) առաջնորդը եւ ան մահացած է Դամասկոսի մէջ։
Ժպրիլ իր առաջնորդած ճակատը հիմնած էր 1968-ին, եւ միայն 1984-ին բաժնուած էր Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերութենէն, եւ իրեն համար կեդրոն ընտրած էր Դամասկոսը:
Իր հերթին «Ժողովրդական ճակատ-Ընդհանուր հրամանատարութիւն»ը գուժեց մահը իր քարտուղարին։
Ժպրիլ ծնած է Եաֆայի մօտակայքը 1928-ին, ապա Պաղեստիի պատերազմի պատճառաւ («Ալ Նաքպա») 1948-ին, փոխադրուած է ընտանիքին հետ Սուրիա: Ան դարձած է սպայ սուրիական բանակին մէջ եւ 1959-ին հիմնած է կիսառազմական կազմակերպութիւնը՝ Պաղեստինի Ազատագրութեան ճակատ: Ժպրիլ փորձած է միանալ Եասէր Արաֆաթի «Ֆաթըհ» կազմակերպութեան, սակայն ձախողած է, որմէ ետք Ժորժ Հապաշին հետ հիմնած է «Ժողովրդական Ճակատ»ը 1967-ին, ապա բաժնուած անկէ ալ ու հիմնած «Ժողովրդային դիմադրութեան ճակատ»ի ընդհանուր հրամանատարութիւնը: