6 ապրիլ 2016-ին Պոլսոյ մէջ բացումը պիտի կատարուի «թուրքերու եւ հայերու 800-ամեայ համատեղ մշակոյթը» ներկայացնող ցուցահանդէս մը: Այս մասին կը գրած է Թրքական «haberstar» լրատուական կայքը, որ կը յայտնէ նաեւ, թէ ցուցահանդէսը պատրաստուած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ:«Ոչ թէ մոռնալու, այլ յիշելու ժամանակը» խորագրին ներքոյ իրականացուող ցուցահանդէսի ժամանակ պիտի ներկայացուին 1895-1914 թուականներուն տպագրուած եւ Պոլսոյ ու Արեւմտահայաստանի մէջ հայերու կենցաղը նկարագրող աւելի քան 4000 բացիկներ եւ Օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր: Բացիկները տրամադրուած են Օրլանտո Քարոլ Քալումէնոյի կողմէ, որուն կը պատկանի օսմանեան բացիկներու ամենամեծ արխիւը:Ցուցահանդէսի բացումը տեղի կ'ունենայ 6 ապրիլ 2016-ին ճարտարապետ Սինանի անուան գեղարուեստի համալսարանէն ներս: Բացման ելոյթ պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ յայտնի հայ երաժիշտ Արա Տինքճեանը եւ Պոլսոյ թրքական պետական համոյթը: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 ապրիլ 2016: