image

Ոչ Եւս Է Հալէպահայ Ազգային Գործիչ Արաքսի Վիզոյեանը

Ոչ Եւս Է Հալէպահայ Ազգային Գործիչ Արաքսի Վիզոյեանը

 Լիբանանի Այնճար  հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է  հալէպահայ հասարակական գործիչ, յօդուածագիր եւ գրող՝  Տիկ. Արաքսի Սարգիսեան- Վիզոյեանը:Այս  մասին   «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  յայտնեց, որ   հանգուցեալը  եղած է  Հալէպի ԹՄՄ  եւ ՌԱԿ «Ռուբէն Հերեան»  ակումբի երախտաւոր անդամներէն: Ան զանազան պաշտօններու կողքին, երկար տարիներ վարած է ԹՄՄ-եան Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետութիւնը: Յիսուն տարիներէ աւելի երկարող անսակարկ նուիրումի եւ ազգային գործիչի վառ օրինակ հանդիսացող Տիկ. Արաքսին, իր միութեանական եւ կուսակցական ընկերներու կողմէ կոչուած էր , ԹՄՄ Մայրը, եւ անոր հաստատաուն սիւներէն մէկը:Միութենական կեանքէն ներս ան աչքի ինկած է իր անսակարկ նուիրումով, ժրաջան ազգանուէր աշխատանքով  եւ կազմակերպչական- նախաձեռնողի բարձր ունակութիւններով: Հանգուցեալը Հալէպի ԹՄՄ-եան պատմութեան անցեալը ներկային կապող արժէքաւոր օղակներէն մէկն էր եւ անոր կորուստը ձեւով մը կորուստն է միութենական կեանքի ամոբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութեան: Հալէպահայ  գաղութին,  ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքի ընկերային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ մատուցած իր ծառայութեան համար բարձր շքանշանով պարգեւատրուած է Սուրիոյ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարարին  կողմէ:

Ունեցած է երկու զաւակ եւ 4 թոռներ:

Հեղինակ է երկու գիրքերու:

Դժբախտաբար, Սուրիոյ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ վերջին տարիներուն ան զրկուի իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատ ընկերներով շրջապատուած ըլլալու բախտէն եւ կեանքին հրաժեշտ տայ կարօտալի աչքերով:

Տիկ. Արաքսիի թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Չորեքշաբթի,  25 Նոյ., 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:  Հանգուցեալին Հայաստան գտնուող հարազատներն ու   մտերիմները  հոգեհանգստեան պաշտօն  պիտի կատարեն  Երեւանի Ս. Զօրավար եկեղեցիէն ներս վաղը յետմիջօրէի   ժամը   2:00-ին:  «Արեւելք»  ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալին  հարազատներուն: