Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ հասարակական գործիչ, յօդուածագիր եւ գրող՝ Տիկ. Արաքսի Սարգիսեան- Վիզոյեանը:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հանգուցեալը եղած է Հալէպի ԹՄՄ եւ ՌԱԿ «Ռուբէն Հերեան» ակումբի երախտաւոր անդամներէն: Ան զանազան պաշտօններու կողքին, երկար տարիներ վարած է ԹՄՄ-եան Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետութիւնը: Յիսուն տարիներէ աւելի երկարող անսակարկ նուիրումի եւ ազգային գործիչի վառ օրինակ հանդիսացող Տիկ. Արաքսին, իր միութեանական եւ կուսակցական ընկերներու կողմէ կոչուած էր , ԹՄՄ Մայրը, եւ անոր հաստատաուն սիւներէն մէկը:Միութենական կեանքէն ներս ան աչքի ինկած է իր անսակարկ նուիրումով, ժրաջան ազգանուէր աշխատանքով եւ կազմակերպչական- նախաձեռնողի բարձր ունակութիւններով: Հանգուցեալը Հալէպի ԹՄՄ-եան պատմութեան անցեալը ներկային կապող արժէքաւոր օղակներէն մէկն էր եւ անոր կորուստը ձեւով մը կորուստն է միութենական կեանքի ամոբողջ ժամանակահատուածի մը պատմութեան: Հալէպահայ գաղութին, ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքի ընկերային կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ մատուցած իր ծառայութեան համար բարձր շքանշանով պարգեւատրուած է Սուրիոյ Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի նախարարին կողմէ:
Ունեցած է երկու զաւակ եւ 4 թոռներ:
Հեղինակ է երկու գիրքերու:
Դժբախտաբար, Սուրիոյ պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ վերջին տարիներուն ան զրկուի իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատ ընկերներով շրջապատուած ըլլալու բախտէն եւ կեանքին հրաժեշտ տայ կարօտալի աչքերով:
Տիկ. Արաքսիի թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Չորեքշաբթի, 25 Նոյ., 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Հանգուցեալին Հայաստան գտնուող հարազատներն ու մտերիմները հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարեն Երեւանի Ս. Զօրավար եկեղեցիէն ներս վաղը յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին: «Արեւելք» ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն: