image

Արաքչի յուսադրող արտայայտութիւններ ունեցած է

Արաքչի յուսադրող արտայայտութիւններ ունեցած է

 

ԱՄՆ-ի վերադարձը Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու կատարման կրնայ նպաստել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի կարգաւորման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին՝ ճափոնցի իր պաշտօնակից Թոշիմիցու Մոթեկիի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

«Լուծումը պարզ է։ Ամերիկեան կողմի վերադարձը իր պարտաւորութիւններու կատարման եւ Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրին տակ դրուած ստորագրութեան յարգումը պայմաններ պիտի ստեղծեն բնականոն իրավիճակին վերադառնալու համար»,– անոր խօսքերը մէջբերած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Արաքչին Մոթեկիին պատմած է նաեւ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ Իրանի եւ Օմանի միջեւ բանակցութիւններու վերջին փուլերուն մասին եւ յայտնած է նեղուցով նաւերու անցման ժամանակաւոր երթուղիի որոշման շուրջ խորհրդակցութիւններուն արձանագրուած էական յաջողութիւններուն մասին։