image

Չինաստանի նախագահը եռօրեայ այցով ժամանած է Եգիպտոս

Չինաստանի նախագահը եռօրեայ այցով ժամանած է Եգիպտոս

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ երեքշաբթի ժամանած է Եգիպտոս։ Սա անոր առաջին այցն է արաբական աշխարհի ամենաբազմամարդ երկիրը՝ վերջին տասը տարիներու ընթացքին։

Այցը Շի Ճինփինկի այս տարուան երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութեան երկրորդ հանգրուանն է։ Անկէ առաջ ան Ղրղզստանի մէջ մասնակցած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, որու շրջածիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ այլ երկիրներու առաջնորդներուն հետ։

Չինական «Սինհուա» պետական լրատուական գործակալութեան հրապարակած յօդուածին մէջ Շի Ճինփինկ  նշած է, որ Չինաստանն ու Եգիպտոսը «կողք-կողքի կանգնած մտերիմ եղբայրներ են» իմփերիալիզմի եւ գաղութատիրութեան դէմ պայքարին մէջ։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Փեքինը պատրաստ է ուսումնասիրելու երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խորացման նոր հնարաւորութիւնները։

Շի Ճինփինկը Գահիրէի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսին։

Շի Ճինփինկի այցը տեղի կ՚ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան եւ Իրանի պատերազմի հետեւանքներու լոյսի ներքոյ։ Հակամարտութիւնը զգալի ազդեցութիւն ունեցած է ուժանիւթի համաշխարհային շուկաներուն վրայ եւ նոր հարցեր առաջացուցած է տարածաշրջանի երկիրներու անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ անոնց երկարաժամկէտ գործընկերութեան հարցը։

 

Վերջին օրերուն Եգիպտոսի պետական լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձած են Գահիրէի եւ Փեքինի միջեւ խորացող տնտեսական ու ռազմական համագործակցութեան։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է նաեւ Եգիպտոսի պատմական դերին՝ որպէս առաջին արաբական եւ ափրիկեան երկիր, որ 70 տարի առաջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Չինաստանի հետ։

«Եգիպտոսը եւ Չինաստանը դարձած են գործընկերներ, որոնք միասին կը նպաստեն միջազգային համակարգին մէջ Համաշխարհային Հարաւի դերի ամրապնդման», «Ալ-Ահրամ» պետական թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթահ Սիսին։