image
Հրատապ լուրեր:

Վիեննայի փախստականներու կեդրոնը յարձակման կ'ենթարկուի

Վիեննայի փախստականներու կեդրոնը յարձակման կ'ենթարկուի

Աւստրիական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ երէկ, Կիրակի, անյայտ անձինք գարեջուրի շիշի մէջ դիւրավառ նիւթ լեցնելով զայն նետած են Վիեննայի փախստականներու կեդրոնի ցանկապատին մօտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Տեղի ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ դէպքի հետեւանքով վիրաւորներ չկան, եւ սկսած է նախաքննական գործողութիւններ կատարել՝ յանցագործերու բացայայտման նպատակով:

Յիշեցնենք, որ սոյն թուականի Յունիսին նոյնպէս անյայտ անձինք հրդեհած էին Աւստրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ 48 փախստականներ ընդունելու համար նախատեսուած տնակ մը, որ ամբողջութեամբ մոխրացած էր՝ առանց մարդկային զոհեր պատճառելու: