image
Հրատապ լուրեր:

Վերապրող Մըն Ալ Փակեց Իր Աչքերը. Թէոլինտա Ֆէրմանեանի Յիշատակին

Վերապրող Մըն Ալ Փակեց Իր Աչքերը. Թէոլինտա Ֆէրմանեանի Յիշատակին

1 Փետրուարին Փարիզեան արուարձան Պանեէօ փոքրիկ քաղաքին մէջ տասնամեակներ առաջ կայք հաստատած Թէոլինտա Ֆէրմանեան փակեց իր աչքերը։ Ան 1915ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսած վերապրողներէն էր։ Ատանա ծնած  հայուհին թափառական կեանք մը ապրած էր՝ Անատոլիայէն Յունաստան, ապա Ալժերիա, ուր ալ աւելի ուշ պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած էր իր զաւակներէն մէկը։ Ան միշտ հայեացքը դէպի հեռուն յառած շուրջիններուն կը պատմէր իր ականատեսի վկայութիւնները. «Կը վախնայինք, կը դողայինք։ Ամէն օր կ՚ըսէինք թէ պիտի գան անոնք (թուրքերը), եւ այդպէս կ՚ապրէինք միշտ մահուան սպառնալիքի տակ»։ Հարիւր տարի ետք ալ այդ յուշերը միշտ կը չարչրկէին հոգին, բայց մանաւանդ այդ ահ ու սարսափէն ան երբեք չկրցաւ ձերբազատիլ եւ զաւակներուն ու թոռնիկներուն ժառանգ ձգեց տարագրութեան այդ տարիներու ողբերգութեան յիշատակները։ Երկրի կարօտը սրտին մէջ Տիկին Ֆէրմանեան հեռացաւ այս աշխարհէն։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Փետրուարին, Իսի-լէ-Մուլինոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը ամփոփուեցաւ Պանեէոյի գերեզմանատան մէջ։

Լուրի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»