Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար վանքին մէջ 6 Յունուարին տեղի ունեցաւ բացումը Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ Վենետիկի զանազան շրջաններէն շուրջ 150 իտալահայերու, միաբաններու, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սարգիս Ղազարեանի, նախագահութեամբ Միաբանութեան վանահայր Հ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանի:
Ներկաները եկած էին մասնակցելու վանքի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններուն: Յետ ծիսակատարութեան, բոլոր մասնակիցները հրաւիրուեցան սեղանատուն միասնաբար ճաշակելու կէսօրուան ճաշը: Աւանդութեան համաձայն տարին քանի մը անգամ տեղւոյն հայութիւնը քով քովի կու գայ եւ կը նշէ Ս. Ծննդեան, Զատկուան եւ Վերափոխման տօները:
Ճաշի սեղանին վրայ հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան խօսք առնելով հայերէնով եւ իտալերէնով հակիրճ կերպով ներկայացուց Շաւարշ եւ Արփիկ Միսաքեանի կեանքը, անոնց հետապնդած նպատակը, հայերէն լեզուի գործածութեան եւ փոխանցումին կարեւորութիւնը: Ճաշէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան ցուցասրահ, ուր Հայաստանի դեսպանին եւ Աբբահօր ձեռամբ կտրուեցաւ ցուցասրահին ժապաւէնը:
Արփիկ Միսաքեան իր մահէն առաջ կապ հաստատած է հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի հետ եւ անոր յանձնած իր գրադարանը, գեղանկարչական եւ անձնական լուսանկարներու եւ տպագրական իրերու իր հաւաքածոները եւ զանազան գոյքերը, առանց իր պաշտօնական կտակին մասին խօսք ընելու: Արուեստագէտներու գեղանկարները (Գառզուի գծանկարները, Շարթի գունաւոր փորագրութիւնը,...) ինչպէս նաեւ պատմական դէմքերու, մտաւորականներու եւ գրողներու դիմանկարներու տպագրական կաղապարները, Տիկին Միսաքեան տարիներու ընթացքին մշակել տուած էր թերթին մէջ զանզան աառիթներով տպագրելու նպատակով:
Ցուցադրուած նկարներուն մէջ առաջին հերթին աչքի կը զարնէր Բաբգէն Պոտոսեանի կողմէ նկարուած Շաւարշ Միսաքեանի իւղանկարը, որ անցեալին «Յառաջ» խմբագրատան գրասենեակը զետեղուած էր եւ մշտապէս կը յիշեցնէր Շաւարշը իբր հիմնադիրը, խմբագիրը, մտաւորականը, հայրը:
Տեղ գտած էր Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժագ Շիրաքի կողմէ Տիկին Միսաքեանի շնորհուած Պատւոյ լէգէոնի ասպետի (Chevalier de la légion d’honneur) տիտղոսը շրջանակուած: Յատկանշական էին նաեւ տարբեր լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին կարդինալ Աղաջանեանի, վազգէն Վեհափառի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Բաբգէն Արարքցեանի հետ անոր հանդիպումները:
Ինչպէս ծանօթ է Սուրբ Ղազարի Վանքը իր թանգարանին մէջ ունի մեծ ցուցասրահ մը, ուր ներկայացուած են դարերու ընթացքին վանքի տպարանին տպագրական սարքերը եւ լոյս տեսած հրատարակութիւնները, աշխարհագրական քարտէզները: Արփիկ Միսաքեանի կտակածը կու գար հարստացնելու Միաբանութեան ճոխ հաւաքածոն: