image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու  հետագայ զարգացման ու խորացման առնչուող շարք մը հարցեր:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է երկկողմանի  քաղաքական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ անհրաժեշտ նկատած ընդլայնել կապերը տնտեսութեան մարզին մէջ:

«Երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին մէջ  համագործակցութեան լաւ հեռանկարներ կը տեսնենք եւ վստահ ենք, որ միացեալ ջանքերով կրնանք հասնիլ լաւ արդիւնքներու», ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ լիբանանցի ներդրողները կրնան  գործունէութիւն ծաւալել նաեւ մեր երկրի երեք ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ, ուր ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանին Հայոց ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան տագնապի հարցով ցուցաբերած դիրքորոշումներուն համար:

Դեսպան Տաղեր ընդգծած է Լիբանանի հայ համայնքի կարեւոր դերը երկրի քաղաքական, հասարակական կեանքին մէջ եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ աշխուժ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմանի կապերու  խորացման ու ընդլայնման: Դեսպանը տեղեկացուցած է, որ կը նախապատրաստուի լիբանանցի գործարարներու պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան եւ նշած, որ աշնան Հայաստան պիտի  գտնուի նաեւ Լիբանանի նախագահը` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու համար:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր: