Վաղը առաւօտ դէպի Հալէպ առաջին թռիչքը պիտի կայացուի: Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայան ողղակի մեկնող թռիչքին բոլոր ուղեւորները պիտի մեկնին Հալէպ: Այս մասին «Արեւելք» տեկեղութիւն ստացաւ Հալէպ մեկնող հայրենակիցէ մը: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ ուղեւորները Դամասկոսէն Հալէպ պիտի մեկնին «Խանասէր»ի ճանապարհով, բայց ժամերու տարբերութեան պատճառով ու տրուած ըլլալով, որ ցամաքային ճանապարհը բաց է միայն որոշ ժամերու, անոնք ստիպուած պիտի ըլլան Հալէպ մեկնիլ մէկ օր Դամասկոս գիշերելէ ետք:
Cham Wings ընկերութեան կազմակերպած այս առաջին թռիչքին սակագինն է 150 ԱՄՆ տոլար (երթ ու դարձ), իսկ Դամասկոսէն Հալէպ մեկնելու ծախսերը չեն ներառուած այս սակագնին մէջ:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ յիշեցուց, որ սոյն թռիչքի բոլոր տոմսերը վաճառուած են:
Յիշեցնենք, որ պատերազմական գործողութիւններուն թէժացումէն ի վեր Հալէպի օդակայանը դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը եւ կը սպասուի, որ իրավիճակին կայունացման զուգահեռ օդակայանը դարձեալ վերաբանայ իր դռները: