Կազայի իր աղբիւրներուն յղում տալով «Սքայնիւզ Արապիա» կը հաղորդէ, որ քաղաքին դէմ եղած իսրայէլեան հրթիռակոծումներուն հետեւանքով գրանցուած են տասնեակ զոհեր։
Աղբիւրը նաեւ կը հաստատէ, որ զոհերուն թիւը հասած է 21-ի եւ անոնց մէջ կան ինը երեխաներ։
Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէին Երուսաղէմի մէջ առկայ լարուածութիւնը սաստկացած էր։
«Համաս» շարժումը հրթիռներ նետած էր Երուսաղէմի ուղղութեամբ, որուն ի պատասխան Իսրայէլ պատասխան տալով հարուածած էր Կազան։
Վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։