image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիա Տոնպասի մէջ առաջին անգամ գործի դրած է թրքական «Պայրաքտար»ը

Ուքրանիա Տոնպասի մէջ առաջին անգամ գործի դրած է թրքական «Պայրաքտար»ը

Տոնպասի մէջ Ուքրանիան առաջին անգամ օգտագործած է թրքական «Պայրաքտար» անօդաչուները, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի-ն:

Նշուած է, որ հարուածային ԱԹՍ-ն թռչած է Ուքրանիոյ հարաւային մասով՝ Հերսոնսի, Զափորոժյէյի, Տնեփրոփետրովիսքի եւ Խարքովի մարզերով: Որմէ ետք վերադարձած է թռիչքի նախնական կէտ:

Մարտի վերջաւորութեան, այդպիսի սարքեր գործի դրուած են Սեւ ծովի երկինքը:

Անցեալ տարուայ նոյեմբերին, անօդաչուները մասնակցած են «Միաւորուած ջանքեր-2020» ռազմավարական զօրավարժութիւններուն: