Այս պահուն Ազատութեան հրապարակին վրայ ընթացք առաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Վերածնուող Հայաստան կուսակցութեան միջեւ գոյացած «Հայաստան» դաշինքի առաջին հանրահաւաքը:
Նշենք, որ նախքան հանրահաւաքը, Երեւան պանթոկին մէջ տեղի ունեցած էր հրապարակային հանդիպում, ուր դաշինքի մասնակից գլխաւոր դէմքերը խօսքով հանդէս եկած էին ու նշած այն պայմանները որուն հիմքով իրենք պիտի մասնակցին յառաջիկայ 20 յունիսին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն:
Այս պահուն Ազատութիւն հրապարակին վրայ կ'ընդանայ քիչ առաջ ընթացք առած հանրահաւաքը եւ խօսքերով հանդէս կու գան կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր շրջանակներու տարբեր գործիչներ:

