Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անցեալ շաբաթ լուսաբանեցինք Թուրքիոյ նախագահին ապօրինի հարստացումը՝ 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւը որպէս նուէր ստանալով ատրպէյճանցի միլիառատէրէ, իսկ այս շաբաթ կը բացայայտենք Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, որ, ինչպէս կը պարզուի, նոյնքան կաշառուած է, որքան իր պետը...
Քրէյկ Շօ եւ Զէյնապ Սենթեք, theblacksea.eu կայքին մէջ տեղադրուած իրենց յօդուածին մէջ, Եւրոպական Հետաքննական Համագործակցութեան (ԵՀՀ) զեկոյցի հիման վրայ բացայայտած են, որ Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանին 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւեր եւ օտարերկրեայ այլ ունեցուածքներ:
2009-ին, երբ Եըլտըրըմ Թուրքիոյ երթեւեկութեան եւ ծովագնացութեան նախարարն էր, Սթամպուլի մէջ կայացած մեծ նաւերու սեփականատէրերու հաւաքի ժամանակ ըսած է. «Այսուհետեւ թրքական ընկերութիւններուն պատկանող բոլոր թրքական նաւերը, զբօսանաւերը կամ ծովային նաւերը, որոնք կը նաւարկեն օտարերկրեայ դրօշի ներքոյ, «կասկածանքի տակ կ՛ըլլան» կառավարութեան կողմէ»: Եըլտըրըմ նաւի սեփականատէրերուն երեք ամիս ժամանակ տուած է՝ փոխելու համար իրենց նաւերուն արձանագրութիւնը: Եըլտըրըմ աւելցուցած է. «Հիմա անոնք ոչ մէկ արդարացում կ՛ունենան: Եթէ պնդեն, որ թրքական դրօշով փոխարինել չեն ուզեր, ապա մենք կը տեսնենք, որ [անոնք որեւէ] բարի մտադրութիւն չունին»: Նախարարը, ըստ երեւոյթին, կը ցանկար խթանել ուժեղ, ազգային նաւատորմի ստեղծումը, որ հարկեր պիտի վճարէր Թուրքիոյ:
Զաւեշտալի է, որ ելոյթի ժամանակ Եըլտըրըմէն քանի մը քայլ հեռու նստած էր անոր 30-ամեայ որդին՝ Էրքամ, որ «սեփականատէրն է առնուազն մէկ՝ «Սիթի» անունը կրող բեռնափոխադրանաւի՝ արձանագրուած ընտանիքին պատկանող ստուերային ընկերութեան միջոցով, Հոլանտայի Անթիլեան կղզիներուն մէջ: Այս բեռնատարը կը նաւարկէ ոչ թէ թրքական, այլ հոլանտական Քարիպեան կղզիներու դրօշին տակ», ըստ ԵՀՀ-ի քննիչներուն:
Այդ ժամանակէն ի վեր, կը հաղորդէ ԵՀՀ-ը, Եըլտըրըմի ընտանիքը ունեցած է օտարերկրեայ դրօշով նաւարկող 11 նաւ «գաղտնի ընկերութիւններու ցանցին մէջ՝ Մալթա, Հոլանտա եւ Հոլանտայի Անթիլեան կղզիներ, մասնաւորապէս այժմ Քիւրասաոյի մէջ, եւ այլ նաւեր Մարշալեան կղզիներու եւ Փանամայի մէջ»:
Ասկէ բացի, theblacksea.eu կայքէջը պարզած է, որ «Եըլտըրըմի որդին, դուստրը, հօրեղբայրը եւ զարմիկները ձեռք բերած են 2.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ եօթը անշարժ գոյք Հոլանտայի մէջ, որոնց բոլորին համար վճարած են կանխիկ գումարներ:
Եըլտըրըմ նաւատորմի մէջ իր ասպարէզը սկսած է 1994-ին, երբ կը ղեկավարէր Սթամպուլ քաղաքին պատկանող Fast Ferries ընկերութիւնը (IDO): Սակայն, 2000-ին, երբ բացայայտումներէ պարզուեցաւ, որ ան պայմանագրով լաստանաւերու ճաշարաններու կառավարումը յանձնած է իր հօրեղբօրը՝ Եըլմազ Եըլտըրըմի, ան ազատ արձակուեցաւ աշխատանքէն, կը յայտնեն Շօ եւ Սենթեք:
Եըլմազ այդ նոյն հօրեղբայրն է, որ 1998-ին Մալթայի մէջ արձանագրած էր թրքական Tulip Maritime Limited ընկերութիւնը: Եըլմազի գործընկերներն էին՝ «յայտնի նաւատէր Սալիհ Զեքին Չաքիր, որ կարճ ժամանակով աշխատանքի կոչած էր Եըլտըրըմը, Ահմէտ Էրկուն, որ Էրտողանի խորհրդականն էր՝ Սթամպուլի քաղաքապետ եղած ժամանակ, նաեւ խորհրդարանի մէկ նախկին երեսփոխան եւ բարձր ատեանի դատարանի դատաւոր Ապպաս Գէօքչէ», ըստ Շոյի եւ Սենթեքի:
Black Sea-ն եւ ԵՀՀ-ը կը հաղորդեն, որ Եըլտըրըմի ընտանիքին պատկանող 11 նաւերէն վեցը, «որոնց արժէքը կը տատանէր 1.9-33 միլիոն եւրոյի սահմաններուն մէջ, ըստ երեւոյթին, գնուած են առանց որեւէ դրամատնային վարկի: Եթէ այդպէս է, ուրեմն հոլանտական առեւտուրին մէջ առկայ են հսկայական դրամական միջոցներու պաշարներ, թէեւ թուղթի վրայ անիկա ցոյց տրուած է իբրեւ անշահաւէտ գործարք»:
2016-ի Յունիս 9-ին, Էրտողանի կողմէ վարչապետ նշանակուելէն երկու շաբաթ անց, Եըլտըրըմ ձեռք բերած է նաւային չորս նոր ընկերութիւններ, որոնք արձանագրուած են Մալթայի մէջ: Այդ ընկերութիւններուն տնօրէնը Եըլտըրըմի զարմիկն է՝ Սուլէյման Վուրալ: Այս ընկերություններէն երկուքը, որոնց առեւտուրը կապուած է Սթամպուլ քաղաքի հետ, ստեղծուած են 2015-ին, հօրեղբայր Եըլմազի եւ անոր զաւկին՝ Ռիֆաթ Էմրահ Էրինչի կողմէ:
Եըլտըրըմի զաւկին՝ Էրքամի կը պատկանին նաեւ մեծ գործարքներ Հոլանտայի մէջ, ներառեալ «ոչ մեծ սեփականութիւններ եւ թանկարժէք նաւեր», ըստ Շոյի եւ Սենթեքի: ԵՀՀ-ը կը հաղորդէ, որ Եըլտըրըմի ընտանիքին պատկանող՝ Castillo Real Estate BV անուանումով ընկերութիւնը կը գտնուի Հոլանտայի Ալմեր քաղաքը, ուր շէնքերէն մէկուն մէջ տեղակայուած է ատամնաբուժարան, որ կը պատկանի վարչապետի զաւկին: Ատամնաբուժարանի դրացնութեամբ կը գտնուին ընտանիքին պատկանող երկու մեծ ընկերութիւններու՝ Castillo Real Estate եւ Zealand Shipping գրասենեակները: Այս երկու շէնքերէն բացի, Castillo-ի կը պատկանին չորս սեփականութիւններ Հոլանտայի եւ Շունհովէնի մէջ, երկու տուն՝ Ութրեխթի մէջ, կօշկակարի խանութ մը՝ Հաակայի մէջ: Այս վեց սեփականութիւնները, որոնք կը գնահատուին 2.16 միլիոն եւրօ, բոլորն ալ վաճառուած են կանխիկ գումարով: Ալմերի մէջ գտնուող եօթներորդ գոյքը անձամբ գնած է Էրքամ՝ Zealand Shipping-ի տնօրէնին (manager) համար:
Հոլանտայի մէջ Եըլտըրըմի ընտանիքի ամէնէն մեծ կալուածները, 129.8 միլիոն տոլար արժողութեամբ, ստեղծուած են 2007-ին, Էրքամի կողմէ, մինչեւ 2014 Zealand Shipping-ի անուան տակ, երբ ընկերութիւնը գնած է Holland Investments Cooperatif UA-ը, որ նոյնպէս կը պատկանի Էրքամի: Ասկէ բացի, Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանի «Փարենթրեխթ գտնուող Q-Shipping BV-ի 30 տոկոսը: Այս առեւտուրին գործընկեր է Ապտուլուահիթ Շիմշեք, թուրք գործարար մը, որ Եըլտըրըմներու հետ միասին գրասենեակ ունի Սթամպուլի մէջ...: Q-shipping BV-ը եւ անոր դուստր ընկերութիւնները կը ղեկավարեն 20 նաւեր, որոնցմէ եւ ոչ մէկը կը նաւարկէ Թուրքիոյ դրօշին տակ», ըստ Շոյի եւ Սենթեքի:
Մինչեւ անցեալ տարի, Նոր Զելանտայի նաւատորմին պատկանող տասը նաւեր կը նաւարկէին հոլանտական դրօշի տակ, անոնցմէ երկուքը ծախուած էին «Kolin Group թրքական համախմբումին, որ մօտիկ է Էրտողանի կառավարութեան», ըստ Շոյի եւ Սենթեքի: Ստորեւ, ըստ վերջիններուն, ամփոփուած է «Թուրքիոյ վարչապետի ընտանիքին օտարերկրեայ հարստութիւնը».
- 18 նաւ (հոլանտական համախմբումներ՝ մասամբ կամ ամբողջութեամբ սեփականացուած).
- 1 նաւ (Հոլանտայի Անթիլեան ընկերութիւն).
- 4 մալթական ընկերութիւններ.
- 7 սեփականութիւն Հոլանտայի մէջ.
- 8 նաւ Հոլանտայի մէջ.
- 3 նաւ Մալթայի մէջ.
Ընդամէնը՝ 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ:
Շօ եւ Սենթեք իրենց յօդուածը կ՛եզրափակեն՝ նշելով, որ «Թուրքիոյ սահմանադրական հանրաքուէէն ետք, որ նախագահ Էրտողանի իրաւունք կու տայ ջնջել վարչապետի պաշտօնը երկու տարուան ընթացքին, Եըլտըրըմի պաշտօնավարման ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին: Բայց, քանի որ գրեթէ 20 տարի «ան իր գործարքները փոխանցած է իր զաւակներուն», հետեւաբար, անոնք շատ փափուկ բարձ ստեղծած են իրենց հօր յաջող վայրէջքին համար՝ քաղաքականութենէ վերջնականապէս հեռանալէն ետք...»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան