image

Թուրքիոյ Մէջ «Մահացու Փրկարար» Բաճկոններ Կը Վաճառուին

Թուրքիոյ  Մէջ   «Մահացու   Փրկարար»  Բաճկոններ Կը Վաճառուին

Իզմիր- («Ալ-ազմինա»-Դամասկոս)- Թրքական ոստիկանութիւնը Եգէական ծովու թրքական ափի Իզմիր քաղաքին մէջ գտնուող աշխատանոց մը ներխուժած՝ եւ գրաւած է աւելի քան 1200 մահացու փրկարար բաճկոններ:  Այս մասին կը գրէ «Ալ-ազմիանա» կայքը,  որ իր տեղեկութիւնը քաղած է  թրքական «Հիւրիիյէթ»էն: Ան կը նշէ նաեւ, որ այդ կեղծ փրկարար բաճկոնները պատրաստուած էին սուրիացի գաղթականներուն վաճարուելու համար:Աղբիւրը  կը յայտնէ, որ գործարանի ներխուժումը տեղի ունեցած է նոյն պահուն, երբ ծովու ալիքները Իզմիրի ծովափ հասցուցած էին տասնեակ սուրիացի գաղթականներու դիակներ, որոնք խեղդուած էին անցեալ երեքշաբթի օր արձանագրուած  երկու նաւերու խորտակման հետեւանքով: Թերթը նշած է, որ փրկարար բաճկոնները պատրաստուած են   չծփացող եւ ջուր ներծծող նիւթէ, որ ջուրի ենթարկուելով առաւել կը ծանրանայ եւ կը խեղդէ զայն հագնողը:Իր հերթին, Գաղթականներու Միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ անցած տարի 3771 անձեր խեղդուած են դէպի Եւրոպա հասնիլ փորձելու ճանապարհին: