image

Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատան եւ «Զիրաաթ Պանքասը»ի դէմ բացուած դատին նիստը այսօր

Թուրքիոյ Կեդրոնական  Դրամատան եւ «Զիրաաթ Պանքասը»ի դէմ բացուած   դատին   նիստը այսօր

Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի  9-րդ մարզի    դատական   վերաքննիչ   ատեանին առջեւ  այսօր  կը մեկնարկէ   Թուրքիոյ  կեդրոնական դրամատան   եւ «Զիրաաթ  պանքասը»ի դէմ    բացուած դատերուն հերթական  նիստը: Այս մասին   «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ      Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Եղիայեան  փաստաբանական   գրասենեակ»ի  բանբերէն:  Նշենք, որ  այս դատի թղթածրարը պատրաստուած է   ամերիկահայ   յայտնի իրաւաբան Վարդգէս  Եղիայեանի հսկողութեամբ, եւ  այն  սկիզբ առած է  6 տարի առաջ ՝ 2010-ին:  Դատին      թրքական  դրամատուներու դէմ մեղադրանքով հանդէս   պիտի գան երեք ամերիկահայեր, որոնք ժառանգորդներն են  Թուրքիոյ «Ինճիրլիք»   զինուորական խարիսխի շրջանին մէջ մեծ հողաշերտեր ունեցող եւ ցեղասպանութեան  ենթարկուած իրաւատէրերու: Դատի  գլխաւոր հայցուորներն են ԱՄՆ քաղաքացիներ Ռիթա Մահտեսեան,  Անայիս Յարութիւնեան (Գալիֆորնիա) եւ Ալեքս Պագալեան (Ուաշինկթըն): Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ,   13  այլ ընտանիքներ եւս  կը պատրաստուին ներգրաւուիլ այս գործին  մէջ: Նշենք, որ  սոյն դատական գործի իրականացման համար   Եղիայեան  եւ իր աշխատակիցները  պատրաստած են     30-է աւելի  թղթածրարներ: Ըստ գործող միջազգային օրէնքին, որեւէ երկիր կրնայ վիճարկել մէկ այլ երկրի մը մէջ գտնուող  անշարժ գոյքի կամ հողատարածքի ապօրինի սեփականացումը այն  պարագային , եթէ այդ գոյքը  իւրացուած է բռնութեան, վանտալիզմի կամ ցեղասպանութեան հետեւանքով:  Դատը կը կարեւորուի, ոչ միայն  հայցուորներուն    նիւթական  իրաւունքները վերականգնելու տեսակէտէն, այլ այն ունի պահանջատիրական   բնոյթ:  Դատական ընդհանուր գործընթացին  մասին «Արեւելք»ին խօսելով իրաւաբան  Վարդգէս Եղիայեան  ըսաւ. «Այդ հողերը  ամբողջութեամբ կը պատկանին հայերուն, հոն եղած  են Ատանայի հայերուն  ամառանոցները, եկեղեցիներն ու դպրոցները, որոնք Թուրքիոյ  կառավարութիւնը ապօրինի  գրաւած է», ըսաւ ան: Յիշեցնենք, որ յայտնի ամերիկահայ իրաւաբան՝ Վարդգէս Եղիայեան 2005-ին   կարեւոր   յաղթանակ մը  գրանցելով շահած է «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրական գործակալութեան դէմ    բացուած  դատական գործը՝ վերականգնելով  տասնեակ  հայ  տուժողներու    նիւթական իրաւունքները: