image

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը Վեհափառին մօտ

 ՀՅԴ  Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը Վեհափառին մօտ

Օրերս ընտրուած ՀՅԴ Լիբանանի շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմը գլխաւորութեամբ ՀՅԴ ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիի այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջը, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-

 Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու աշխատանքներուն առաւել կենսաւորման եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան առնչուած հարցեր։