image

Բոլոր ընտրական տեղամասերը բացուած են սահմանուած ժամուն, ընտրութիւնները կ՚ընթանան բնականոն հունով

Բոլոր ընտրական տեղամասերը բացուած են սահմանուած ժամուն, ընտրութիւնները կ՚ընթանան բնականոն հունով

500 մարդ ելեկտրոնային քուէարկութեան եղանակով արդէն կատարած են իրենց քաղաքացիական պարտքը: Այդ ընտրութեան արդիւնքները պիտի ամփոփուին այսօր՝ ՀՀ տարածքին մէջ հիմնական քուէարկութեան աւարտէն ետք:

Այս մասին քիչ առաջ, ԿԸՅ տեղեկատուական կեդրոնին մէջ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յնձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:
Ան յիշեցուցած է, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 քաղաքական ուժ՝ 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք: Ընտրական ցուցակներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, 2510 թեկնածու ընդգրկուած է:
Ընտրութիւններու անցկացման համար ՀՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուած է 2008 ընտրական տեղամաս, որմէ 12-ը՝ քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ:

Բոլոր ընտրական տեղամասերը բացուած են սահմանուած ժամին՝ 8:00-ին եւ ՀՀ քաղաքացիներն արդէն կը կատարեն իրենց ընտրութիւնը:

Այսօր առաւօտեան տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ընդգրկուած 119 յանձնաժողովի անդամներ չեն ներկայացած 114 ընտրատեղամասերու մէջ: Սա, ըստ Մուկուչեանի, կը նշանակէ, որ կան եզակի թիւով բացակայութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ, չկայ որեւէ տեղամաս, ուր ներկայացած չըլլայ յանձնաժողովի նախագահը: Տեղամասերէն 5-ին մէջ բացակայած է յանձնաժողովի քարտուղարը:

Ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրողներու գրանցումը պիտի կատարուի տեխնիկական սարքաւորումներու միջոցով, ՀՀ տարածքին մէջ ընտրատեղամասերուն յատկացուած է 4006 նման սարքաւորում, որոնք բոլորը ժամը 8-ի դրութեամբ գործարկուած են:

Գործընթացը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է օտարերկրեայ 49 եւ տեղական 68 լրատուամիջոց։

Դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնէ միջազգային 8 եւ տեղական 19 կազմակերպութիւն։