image

Թուրքիան կը խոչընդոտէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու բժշկական օժանդակութիւններու Կիպրոս հասնիլը

Թուրքիան կը խոչընդոտէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու բժշկական օժանդակութիւններու Կիպրոս հասնիլը

Կիպրոս յայտարարեց թէ, Չինաստանէն եկող օդանաւը, որ 36 թոն բժշկական սարքաւորումներ կը փոխադրէր «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարելու համար, ուղղուած է դէպի Ռուսաստանի Մոսկուայի օդակայանը, որովհետեւ Թուրքիա մերժած է, որ օդանաւը անցնի իր օդային տարածքէն:

Կիպրոսի փոխադրութեան նախարար՝ Եանիս Քարուսոս, Կիպրոսի պաշտօնական լրատուական գործակալութեան յայտնած է, թէ «Օդաչուն փոխեց ճանապարհը եւ կ'ուղղուի Ռուսաստանի Մոսկուայի օդակայան, վայրէջք կատարելու եւ վառելանիւթ լիցքաւորելու համար», որովհետեւ օդանաւը բաւարար վառելանիւթ չէ ունեցած ճամբան երկարելու համար, խուսափելով Թուրքիոյ օդային տարածքէն:

Յիշեցնենք, որ Անգարան սահմանափակած է Կիպրոսի օդային եւ բեռնափոխադրական տեղաշարժումները իր երկրի օդային եւ ջրային տարածքներուն մէջ: Միջերկրական կղզին 1974-էն ի վեր, բաժնուած է  Եւրոպական միութեան անդամ՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան եւ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան» միջեւ, որ ճանաչում ունի միայն Անգարայի կողմէ:

Քարոսոսը նշեց, որ օդանաւի այս դէպքին մասին հաղորդուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան, եւ նախարարութիւնը պիտի ներկայացնէ պաշտօնական դիւանագիտական բողոքի նամակ:

Նիկոսիա յաճախ բողոքած է Անգարայի դէմ, այն պատճառով, որ վերջինս  թոյլ չի տար, Կիպրոսի դրօշի տակ նաւարկող նաւերը մուտք գործեն իր նաւահանգիստ, նաեւ Կիպրական  օդանաւերը անցնին թրքական օդային տարածքէն:

Կիպրոս խիստ սահմանափակումներ կիրառեց «Քորոնա» ժահրի կապակցութեամբ, կղզիի առաջին վարակի պարագայէն ետք, որ տեղի ունեցաւ մարտ ամսուան մէջ, եւ մեծ ճնշումէ ազատել տուաւ իր հիւանդանոցները:

Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած են 905 վարակի պարագայ եւ 17 մահուան դէպք Covid-19 -ի հետեւանքով, իսկ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան մէջ՝ 108 պարագայ եւ չորս մահ: