Տասնեակ հրդեհներ ծագած են Կիպրոսի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ կիպրական Cyprus Mail կայքէն։
Աղբիւրը նշեց, որ մասնաւորապէս Լարնաքա եւ Լիմասոլ քաղաքներուն շուրջ ծագած հրդեհներուն պատճառով գրանցուած է առնուազն 4 զոհ, իսկ յիսունի չափ բնակարաններ ամբողջութեամբ հրկիզուած են։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրկիզուած բնակարաններու բնակիչները տարհանուած եւ փոխադրուած են մայրաքաղաք Նիկոսիա։
Կը նշուի նաեւ, որ Օրտու շրջանին մէջ ծագած հրդեհը պաշարած է այնտեղ գործող ագարակ մը, որուն հետեւանքով ալ տեղի աշխատող եգիպտացիներ կորսուած են ու մինչեւ այս պահը անոնց հետքը չերեւիր։
Իր կարգին երկրի նախագահ Նիքոս Անաստասիատիս յայտարարեց, որ երկրի ԱԻՆ մարմիններ մեծ ճիգեր կը գործադրեն` մարելու համար հրդեհները, նշելով նաեւ «Առաջին անգամն է, որ Կիպրոս նման ծաւալներով հրդեհներու ականատես կը դառնայ»։
Նշենք նաեւ, որ մինչեւ այս լուրին պատրաստուիլը, կարգ մը անտառային շրջաններ կը շարունակեն մնալ մեծ հրդեհներու օճախներ։