image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա կը պատրաստուի զօրքեր ուղարկել Թրիփոլի. Օրինագիծը հաստատուած է

Թուրքիա կը պատրաստուի զօրքեր ուղարկել Թրիփոլի. Օրինագիծը հաստատուած է

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատած է օրինագիծ, որ հնարաւոր կը դարձնէ թուրք զինծառայողները Լիպիա ուղարկելը: «Քուէարկութեան մասնակցած է 509 պատգամաւոր, որոնցմէ 325-ը օրինագիծին կողմ քուէարկած է, 184-ը՝ դէմ»,-այդ արդիւնքները ներկայացուցած է խորհրդարանի խօսնակ Մուսաթաֆ Շենթոփը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

Համապատասխան օրինագիծը ներկայացուած էր խորհրդարանին 30 դեկտեմբերին Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ) կողմէ, որու նախագահն է Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը:

Դեռ աւելին, պարբերականի պնդմամբ, Անգարան կրնայ դիտարկել ԱՀԿ-ին «Հիզար» եւ «Քորքութ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը մատակարարելու հնարաւորութեան մասին:

Էրտողանը բազմիցս յայտարարած է Լիպիա զօրքեր ուղարկելու պատրաստակամութեան մասին, եթէ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը (ԱՀԿ) Թրիփոլիի մէջ օգնութիւն խնդրէ իրմէ: 28 Նոյեմբերին Անգարան եւ Թրիփոլին ստորագրած են համագործակցութեան մասին, մասնաւորապէս՝ ռազմական ոլորտի, յուշագիր:

Ներկայիս Լիպիոյ մէջ զուգահեռաբար կը գործէ գործադիր իշխանութեան երկու մարմին. Ֆաիզ Սարաճի միջազգայնօրէն ընդունուած ԱՀԿ-ն եւ Ապտալա Ապտուրաեման ալ-Թանիի ժամանակաւոր կառավարութիւնը, որ կը գործէ երկրի արեւելեան շրջանին մէջ: