Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնը որեւէ եռակողմ ձեւաչափի աջակցելու պատրաստակամութեան մասին, ներառեալ Վրաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափը, պէտք է դիտարկուի անոր յայտարարութեան առաջին մասին հետ միասին, ուր ան կ'ըսէ, որ աշխուժօրէն պիտի սատարէ վաղուց ձեւաւորուած Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափը:
Այս մասին ըսած է ՀՀ ԳԱԱ (Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա) Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան: Նման ձեւաչափը, ըստ անոր, նպատակ ունի թուլացնել Ռուսաստանի դերը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ, համապատասխանաբար, մեծցնել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը: «Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափը նախ ենթադրում էր տնտեսական փոխգործակցութիւն, այնուհետեւ տեղափոխուեց քաղաքական հարթութիւն, իսկ վերջերս տեսնում ենք նաեւ ռազմական հարթութիւնը: Տարածաշրջանում Ռուսաստանի դերի թուլացման տրամաբանութեան մէջ տեղաւորւում է նաեւ Էրտողանի յայտարարութիւնը Վրաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափին աջակցելու պատրաստակամութեան մասին:
Սա խօսում է այն մասին, որ Անքարան ունի հեռուն գնացող աշխարհառազմավարական նպատակներ, այդ թւում՝ Ռուսաստանի հեռացում տարածաշրջանից, որպէսզի Թուրքիան դառնայ Հարաւային Կովկասում Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդուլեզման գործընթացները կարգաւորող գլխաւոր ուժը: Անքարայի առաջարկած երկու ձեւաչափերը տարածաշրջանից Մոսկուան դուրս մղելու մէկ ծրագրի երկու փուլեր են», - աւելցուցած է Սաֆրաստեան:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ փուլին, Սաֆրաստեանի կարծիքով՝ այսօր Վրաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափը իրականութեան մէջ անիրականանալի է` հաշուի առնելով Պաքուի թշնամական քաղաքականութիւնը Երեւանի նկատմամբ, որուն կը սատարէ Թուրքիան: «Հետեւաբար, սա զուտ քարոզչական յայտարարութիւն է, ոչ աւելին», - եզրափակած է փորձագէտը: Յիշեցնենք, որ Էրտողան վերջերս յայտարարած է, որ Թուրքիան կ'աջակցի որեւէ եռակողմ համագործակցութեան՝ ըլլայ այդ Վրաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան, թէ Վրաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա:
Լուրը՝ News.am-էն