image

Թոնի Պլէրի «Խրատները»՝ Մուամմար Քազաֆիին

Թոնի  Պլէրի «Խրատները»՝ Մուամմար Քազաֆիին

Լիպիա  («Ալ-արապիյէ»-ԱՄԷ)- Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի օր հրապարակած է հեռախօսազանգերու արձանագրութիւններ Անգլիոյ նախկին վարչապետ՝ Թոնի Պլէրի եւ  Լիպիոյ  սպաննուած  նախագահ Մուամմար Քազաֆիին  միջեւ,  որոնք  տեղի ունեցած են վերջինիս տապալումէն (2011)  առաջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-արապիյա»ն, նշելով նաեւ, որ  Պլէր անցած տարուան 11 Դեկտեմբերին   կայացած՝ Անգիոյ կողմէ Լիպիոյ ճգնաժամին միջամտութեան խորհրդարանական հետաքննութեան նիստի ընթացքին երկխօսութիւններուն բովանդակութիւնը յանձնած է խորհրդարանի արտաքին գործերու յանձնաժողովին:Աղբիւրը կը նշէ, որ նիստի ընթացքին Պլէր պաշտպանած է Լիպիոյ մէջ Քազաֆիի ռէժիմի գահընկեց ընելու միջազգային միջամտութեան մասնակցելու իր  որոշումը, ըսելով, որ իրավիճակը աւելի վտանգաւոր պիտի դառնար եթէ ան չհրաժարէր: Պլէր նաեւ պաշտպանած է իր Քազաֆիի հետ ունեցած 2004-ին քիմիական զէնքէն հրաժարումի շուրջ համաձայնութիւնը, նշելով, որ հակառակ պարագային քիմիական վտանգաւոր   զէնքերը կրնային «Տահէշ»-ի ձեռքը անցնիլ, աւելցնելով, որ ինք այդ ժամանակ յոյս ունէր, որ Քազաֆին քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներ պիտի սկսէր կատարել:Կը նշուի նաեւ, որ երկու հեռախօսազանգերու հրապարակումները պարզած են, որ Պլէր Արաբական գարնան սկիզբը, Լիպիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու սկսելէն ետք, Քազաֆիին 25 Փետրուար, 2011-ին խորհուրդ տուած է հեռանալ դէպի ապահով վայր, սակայն Քազաֆին մերժած է անոր խորհուրդը ըսելով, թէ ինք ոչ իշխանութիւն, ոչ նախագահութիւն եւ ոչ մէկ այլ պաշտօն ունի որպէսզի հրաժարի անոնցմէ:

Քազաֆի նաեւ պատասխանելով բռնութեան եւ արիւնահեղութեան վերջ տալու Պլէրի կոչին, հերքած է իր երկրին  մէջ բռնութեան գոյութիւնը եւ աւելցուցած «Մեզ հանգիստ թողէք, մենք ոչ մէկ խնդիր ունինք», ինչպէս նաեւ հրաւիրած է անոր գալ Լիպիա համոզուելու  իր խօսքի ճշմարտացիութիւնէն: Իր կարգին Պլէր Քազաֆիի յայտնած միջազգային ռազմական ուժերու կողմէ Լիպիա միջամտութեան մտավախութեան շուրջ, պատասխանած է անոր՝ թէ «ոչ ոք նման մտադրութիւն ունի»: