image

Թրքական Թերթեր Կրակ Կը Թափեն Ամերիկեան Huffington Post-ին Դէմ

Թրքական  Թերթեր Կրակ  Կը  Թափեն  Ամերիկեան   Huffington Post-ին Դէմ

Թուրք մամուլը կրակ կը ժայթքէ ամերիկեան  Huffingnton Post-ին դէմ, որ յանդգնած է քննադատել Թուրքիան ու պնդել, թէ ժամանակը եկած է, որ Թուրքիան արտաքսուի ՆԱԹՕ-էն: Իսկ ՆԱԹՕ-ի կանոնագրութեան մէջ չկայ յօդուած մը, որու համաձայն կարելի ըլլայ այս համաձայնութենէն վտարել այն երկիրը, որ կը դաւաճանէ ՆԱԹՕ-ի սկզբունքները: Մամուլը կը   գրէ, որ ամերիկեան թերթը լիրբ արտայայտութիւններ ունեցած է Թուրքիոյ հասցէին, ուստի յայտնի է, որ թերթը անհանգիստ է Թուրքիոյ կողմէ վերջերս արձանագրուած տնտեսական ու քաղաքական զարգացումներէն: Ըստ ամերիկեան թերթին, Թուրքիա կէս դարէ ի վեր հաւատարիմ դաշնակից մըն էր, որ փաստած էր, որ մեծամասնութեամբ մահմետական բնակչութիւն ունեցող երկիր մը կրնար ժողովրդավար երկիր ըլլալ, սակայն Թուրքիա այժմ ՆԱԹՕ-ի երկիրներէն բաւական հեռացած է «Տահէշ»ի նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեամբ: Այն օրէն ի վեր, երբ Էրտողան իշխանութեան գլուխ անցած էր, Թուրքիա դարձած է բռնատիրական երկիր, գրկած ահաբեկիչները ու մտած անվերջանալի պատերազմներու մէջ,  պատերազմ՝  սկսած  25 միլիոն քիւրտ բնակչութեան դէմ, Ռուսաստանի հետ ալ   կործանիչ  մը վար առնելով մտած է պաղ պատերազմի մէջ: Մինչ քաղաքներու մէջ ռումբեր կը պայթին ու սահմանները կը պաշարուին թշնամիներու կողմէ, թուրք ղեկավարները ամբողջական զօրակցութիւն կը պահանջեն ՆԱԹՕ-էն, գրած է ամերիկեան թերթը՝ բացայայտ կերպով արտայայտուելով Թուրքիոյ պատճառաւ իր զգացած ահանգստութիւնը: