image

Թաթուլ Յակոբեան Պէյրութի մէջ պիտի խօսի արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասին

Թաթուլ Յակոբեան Պէյրութի մէջ պիտի խօսի արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասին

Պէյրութի մէջ, երեքշաբթի, 17 մայիսին, «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը» խորագրով զեկոյց պիտի ներկայացնէ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը: Յակոբեանի հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ  «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահէն ներս, որու ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ յատուկ տեսանիւթ մը, նկարահանուած՝ քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Այս առթիւ պիտի ներկայացուի նաեւ Թաթուլ Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած Քաջազնունիի, Վրացեանի, Ջամալեանի, Նաւասարդեանի եւ Դարբինեանի հատորները:

Նշենք, որ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանը Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի Երեւանի թղթակիցն է (2005 թուականէն ի վեր), «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի վերլուծաբան (2009-էն ի վեր), Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս (2010-էն ի վեր) եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնի համակարգող (2014-էն ի վեր):