image

Տաւուշի մարզ. Նոր աշակերտներու տագնապ կայ

Տաւուշի մարզ. Նոր աշակերտներու տագնապ կայ

 

Մեկնարկող ուսումնական տարուան Տաւուշի մարզի 4 համայնքներու դպրոցներ առաջին դասարանցի պիտի չունենան: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Տաւուշի մարզպետի մամուլի խօսնակ Գագիկ Աղբալեանը:

 

«Լուսահովիտ, Աճարկուտ, Ակնաղբիւր եւ Բարեկամաւան գիւղերու դպրոցները այս տարի առաջին դասարան պիտի չունենան: Նշուած գիւղերը փոքր գիւղեր են, որոնք ժամանակ առ ժամանակ չեն ունենար առաջին դասարանցիներ:

Աճարկուտը սահմանին մօտ է, Կիրանցին հարեւան գիւղ է, որու դպրոցին մէջ օրինակ 9 աշակերտ կը սորվի, Բարեկամաւանը սահմանային գիւղ է, որու դպրոցը ունի ընդամէնը 16 աշակերտ, Ակնաղբիւրը մօտ է Իջեւան քաղաքին, եւ երբեմն ծնողները կը գերադասեն իրենց երեխաները տանիլ Իջեւանի դպրոցներէն որեւէ մէկը, իսկ Լուսահովիտը մօտ է Խաշթառակ գիւղին, եւ կան դէպքեր, որ ծնողները իրենց երեխային կը տանին Խաշթառակ՝ հաշուի առնելով, որ երեխաները քիչ են, եւ կը մտածեն, որ աւելի լաւ է՝ մեծ կազմով դասարաններ երթան»,-ըսած է ան:

Մարզպետի մամուլի խօսնակը նշած է, որ մարզին մէջ չունին դպրոց, ուր մեկական աշակերտ կայ առաջին դասարանցի: «Մարզի 76 հիմնական դպրոցէն 26-ը ունի 50-էն աւելի քիչ առաջին դասարանցի: Ընդհանրապէս դպրոց յաճախող աշակերտներու թիւը վերջին 3-4 տարիներուն դրական է, կան դպրոցներ, ուր թիւի նուազում կ'ըլլայ, կան, որ աճ կ'ունենան, բայց մարզի ընդհանուր պատկերի մասին եթէ խօսինք, փոփոխութիւնը դրական է»,-ըսած է ան:

Նշենք, որ Տաւուշի մարզին Հայաստանի պետական սահմանէն բաժին կ'իյնայ 400 քմ հատուած, որմէ 350-ը՝ Ատրպէյճանի հետ, 50 քմ-ը՝ Վրաստանի։ Մարզը ունի 4 քաղաքային եւ 60 գիւղական համայնքներ: