«Երեւան» հիմնադրամի գործով ստուգումները կը հասնին աւարտական փուլին: Այս մասին այսօր՝ կառավարութեան նիստէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նշած է ԱԱԾ-ի տնօրէն Արթուր Վանեցեանը:
«Տարօն Մարգարեանն այս փուլում դեռեւս չի հրաւիրուել ԱԱԾ քննչական վարչութիւն, բայց կը հրաւիրուի»,-ըսած է Վանեցեանը:
Ան աւելցուցած է, որ Տարօն Մարգարեանի անուամբ գրանցուած պիզնեսներ չեն յայտնաբերուած:
«Ունեցուածքը որ կայ, յայտնի հրապարակումը եղած է, կոռուպցիայի հակազդման գծով վարչապետի օգնական Արէն Մկրտչեանն այդ նիւթերը փոխանցել է մեզ, իրականացւում են ուսումնասիրութիւններ, որոնցով եւս կը լինեն կոնկրետ միջոցառումներ»:
Լրագրողներէն մէկուն հարցին՝ հնարաւո՞ր է, որ Տարօն Մարգարեանին կանչեն ԱԱԾ ու պարզուի, որ ան երկիրը լքած է, Վանեցեանը կարճ ու կտրուկ պատասխանած է` ոչ: