image

Տահէշ կը դատարկէ Ճարապլուսը՝ նպատակ ունենալով ականապատել քաղաքը

Տահէշ  կը դատարկէ Ճարապլուսը՝ նպատակ  ունենալով ականապատել քաղաքը

Տահէշ ահաբեկչական    խմբաւորումը    շաբաթ օրուընէ սկսեալ  կը դատարկէ  Ճարապլուս քաղաքը: Այս  մասին  տեղեկութիւն  փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն,  որ Տահէշ կը ստիպէ  Թուրքիոյ հետ սահմանային Ճարապլուսի  բնակիչները, որպէսզի լքեն իրենց  տուները: Ըստ  «Ալ Մայատին»   կայանին,   խմբաւորումը այս քայլին կը դիմէ  նպատակ ունենալով ականապատել ամբողջ  քաղաքը, ինչպէս     նոյնը  կատարած էր  Թատմորի եւ  սուրիական այլ քաղաքներու մէջ:  Ճարապլուսը  կը համարուի   Թուրքիայէն դէպի Սուրիա  ներթափանցող  ահաբեկիչ զինեալներու  հիմնական   անցքերէն  մին: Յիշեցնենք, որ արեւմտահայութեան    գաղթի շրջանէն  ետք Ճարապլուսը        Հալէպի  կողքին   եղած է  սուրիահայութեան   գլխաւոր    գաղթակայաններէն մին, ու  հոն  ապրող հայութիւնը ունեցած է    եկեղեցի եւ  վարած է համայնքային  կեանք:  Բերիոյ Թեմի  նախկին առաջնորդին կարգադրութեամբ,  տարիներ առաջ    Ճարապլուսի եկեղեցին  վաճառուեցաւ,   շրջանին  մէջ հայութեան       թիւի մեծ  անկումին    եւ աւելի ուշ չքացումին հետեւանքով: